2015-10-23 10:12:00

ՀՀ Կառավարութիւնը պիտի օգնէ Սուրիահայ ուսանողներուն` ուսման վարձերու հարցով։


Հայաստանի կառավարութիւնը միջոցներ պիտի յատկացնէ Սուրիայէն տեղափոխուած հայ ուսանողներու ուսումնական վարձը մասամբ փոխհատուցելու համար: Այս մասին որոշումը կայացած է ՀՀ Կառավարութեան Հոկտեմբեր 22-ի նիստին:

2015-2016 թթ. համար յատկացուած է 24.6 միլիոն դրամ (52 հազար տոլար):

2012թ. նոյնպէս նման աջակցութիւն յատկացուած էր պիւտճէէն, 2013-2014թթ.`  «Գալուստ Կիւլպէնկեան» բարեգործական հիմնադրամի, ինչպէս նաեւ Համահայկական բարեգործական միութեան կողմէն: Այդուհանդերձ, միջոցները բաւարար չէին Սուրիայէն տեղափոխուած բոլոր ուսանողներուն աջակցելու համար, ատոր համար ալ պիւտճէէն կրկին յատկացուած է լրացուցիչ աջակցութիւն:

«Այս փրաքթիքան պէտք է շարունակել»,- աւելցուցած է Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.